2016-04-23 10:10:00

ԱՄՆ-ը կանգնած է Հայ ժողովուրդի կողքին` յիշելով մեծ եղեռնի սարսափը. Պարաք Օպամա


ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպաման Ապրիլ 24-ի առիթով իր ամէնամեայ ուղերձին մէջ չէ արտասանած «ցեղասպանութիւն» բառը. սա վերջին ուղերձն էր ԱՄՆ-ի նախագահի պաշտօնը զբաղեցնելու ընթացքին:

«Այսօր մենք կը յիշենք 20- րդ դարու առաջին զանգուածային կոտորածը` հայկական Մեծ եղեռնը, երբ 1,5 միլիոն հայեր Օսմանեան կայսրութեան վերջին օրերուն արտաքսուեցան, կոտորուեցան կամ ուղարկուեցան մահուան ճանապարհով:

«Այսօր, երբ մենք յարգանքի տուրք կը մատուցանենք անոնց յիշատակին, որոնք տառապած են 1915- ի սեւ օրերուն, եւ կը պարտաւորուինք դասեր քաղելու այս ողբերգութենէն` թոյլ չտալու անոր կրկնութիւնը: Մենք նաեւ յարգանքի տուրք կը մատուցանենք անոնց, որոնք օգնութեան եկան : Այդ մարդոցմէ մէկը ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորգենթաուն էր, որ ամերիկեան կառավարութեան եւ օսմանեան առաջնորդներուն ահազանգեց ` փորձելով կանխել բռնութիւնը: Մարգենթաուի նման ձայները կը շարունակեն մնալ կարեւոր` վայրագութիւնները կանխելու գործին եւ այս ժառանգութիւնն է, որ հիմք հանդիսացած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու գործունէութեան համար, ինչպիսին Ռաֆայէլ Լեմքինը:

«Սա նաեւ պահն է ճանչնալու հայ ժողովուրդի աննախադէպ տոկոնութիւնը եւ անոր նշանակալի աւանդը միջազգային հանրութեան եւ ԱՄՆ հասարակութեան համար:  Մենք կը յիշենք հազարաւոր հայ փախստականներ, որոնք տասնամեակներ առաջ նոր կեանք սկսան ԱՄՆ- ի մէջ` ստեղծելով համայնք մը, որ աննախադէպ յառաջընթաց արձանագրած է:

«Մենք նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք հայ ժողովուրդին, որ Հայաստանի հարաւը տեղի ունեցող խժդժութիւններու պահուն իրենց դռները բացին սուրիացի փախստականներուն առջեւ` ընդունելով մօտաւորապէս 17 հազար փախստական: Հայեացք ձգելով անցեալէն դէպի ապագայ` մենք կը շարունակենք շեշտել պատմական յիշողութեան կարեւորութիւնը որպէս կանխարգիլման գործիք: Մենք փաստերու  ամբողջական, ազնիւ եւ արդար ճանաչման կոչ կ՛ընենք, ինչ ոչ բոլոր մտահոգ կողմերուն շահերէն կը բխի:

«Ես մշտապէս բարձրաձայնած եմ իմ տեսակէտս 1915- ի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Իմ տեսակէտս չէ փոխուած: Ես նաեւ տեսած եմ, որ ժողովուրդներն ու ազգերը աւելի կ՛ուժեղանան եւ ամուր հիմք կը ստեղծեն արդար եւ հանդուրժող ապագայի մը համար` ճանչնալով եւ հաշուի նստելով անցեալի ցաւալի դէպքերուն հետ:  Մենք կը շարունակենք ողջունել անոնց կարծիքները, որոնք փորձած են նոր լոյս սփռել անցեալի մութ էջերուն վրայ` սկսած հայ եւ թուրք պատմաբաններէն մինչեւ Հռոմի պապ:

Այսօր մենք կանգնած ենք աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կողքին` յիշատակելու Մեծ եղեռնի սարսափը եւ վերահաստատելու մեր շարունակական հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական, խաղաղ եւ բարգաւաճ Հայաստանին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.